ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ երկրի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Իրանի երեք միջուկային կառոյցերն: Անոր խօսքով՝ ռմբակոծութեան մասնակցած օդանաւերէն մէկը «ռումբերով լեցուն բեռ» նետած է Ֆորտոյի ուրանի հարստացման գործարանի վրայ: Հարուածի ենթարկուած են նաեւ Նաթանզի եւ Սպահանի կառոյցները: Այսպիսով, ԱՄՆ-ն միացած է Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան:
«Բոլոր ինքնաթիռները անվտանգ կը վերադառնան տուն։ Կը շնորհաւորենք մեր մեծ ամերիկացի զինուորները։ Աշխարհի մէջ չկայ որեւէ այլ զինուած ուժեր, որ կրնայ նման գործողութիւն ընել», - գրած է ան Truth Social-ի էջին։ Թրամփ աւելցուցած է, որ «հիմա խաղաղութեան ժամանակն է»։
«Սա պատմական պահ է ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ աշխարհի համար. Իրանը հիմա պէտք է համաձայնի աւարտել այս պատերազմը», - գրած է Թրամփ:
Ան աւելցուցած է, որ «ԱՄՆ-ն պատրաստ է կրկին հարուած հասցնելու, եթէ Իրանի հարցը չլուծուի»։
«Կա՛մ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, կա՛մ Իրանը պիտի բախի շատ աւելի լուրջ ողբերգութեան», - նշած է ԱՄՆ նախագահը:
Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի դէմ Իրանի որեւէ պատասխան պիտի հանդիպի աւելի մեծ ուժի, քան այն ինչ տեղի ունեցաւ այսօր: