image

Արաքչի յայտարարեց՝ «Վաղը Մոսկուա պիտի մեկնիմ»

Արաքչի յայտարարեց՝ «Վաղը Մոսկուա պիտի մեկնիմ»

Այսօր առաւօտեան պիտի մեկնիմ Մոսկուա, իսկ վաղը առաւօտեան հանդիպում պիտի ունենամ Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս մասին Իսթանպուլի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի։

«Ռուսիան Իրանի բարեկամն է», – ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։

Միեւնոյն ժամանակ, ան յայտարարած է, որ այս պահուն Թեհրանը չի քննարկեր տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջուկային կառոյցներուն տրուած հարուածներու վերաբերեալ բանակցութիւններ սկսելու տարբերակը։

«Ես, անշուշտ, կապի մէջ եմ Թեհրանի հետ։ Մինչեւ հիմա ճշգրիտ տեղեկութիւններ չունիմ վնասի ծաւալի մասին, բայց չեմ կարծեր, թէ այդ այժմ կարեւոր է։ Միջուկային կառոյցներուն տրուած հարուածները ինքնին միջազգային իրաւունքի աններելի խախտում են եւ պէտք է դատապարտուին։ Այս պահուն բանակցութիւններու նախապատրաստութեան մասին խօսք չկայ։ Սակայն՝ սկզբունքով, դիւանագիտութեան դուռը պէտք է բաց մնայ», – ըսած է նախարարը։