image

Երկրէն դուրս Ռուսաստանի ամենամեծ զօրակայանին մէջ մարտական ստուգում

Երկրէն դուրս  Ռուսաստանի ամենամեծ  զօրակայանին մէջ մարտական ստուգում

Տաճիկստանի մէջ սկսած է 201-րդ ռուսական ռազմակայանի մարտունակութեան ստուգումը, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան ամենամեծ ռազմական կառոյցն է իր սահմաններէն դուրս:

Ինչպէս լրագրողներուն ըսած է կազմաւորման հրամանատար Եւկենի Քովիլինը, տեղի պիտի ունենան մարտական հրետանային եւ հրասայլային կրակահերթեր, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու գործողութիւններ` որպէս կրակային համակարգերու մաս:

Կեդրոնական զինուորական մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ վերահսկողական վարժանքները պիտի տեւեն մինչեւ Ապրիլ 30:

Տաճիկստանի մէջ տեղակայուած ռազմակայանը կը գտնուի Տուշանպէ եւ Պոխթար քաղաքներուն մէջ: Այն բաղկացած է մոթոհրաձգային, հրասայլային, հրետանիի, հետախուզական ստորաբաժանումներէ, հակաօդային պաշտպանութեան ուժերէ, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան եւ կապի ուժերէ: