Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, երկար տարիներու ընդհատումէ ետք, Հալէպէն, Քեսապէն եւ Լաթաքիայէն ժամանած աւելի քան երկու հարիւր եագուպիահայերու ներկայութեամբ, հոգեկան ցնծութեամբ, Սուրբ եւ Անմահ առաջին պատարագը մատուցուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ։
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ, Հալէպէն ուխտաւորներու խումբ մը ժամանեց Եագուպիէ, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանի եւ «Ռատիօ Երազ»-ի անձնակազմին։ Լաքաթիայէն եւ Քեսապէն եւս եագուպիահայեր ժամանեցին Եագուպիէ, ուր դիմաւորուեցան Եագուպիէի մէջ Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթի եւ Քնեյյէի մէջ լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին կողմէ։
Հայր սուրբը եագուպիահայ ըլլալով, ժողովուրդին հետ ուխտաւորաբար դէպի Ս. Աննա եկեղեցի տանող զառիվեր ճամբան ոտաբոպիկ ընթացաւ։
Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց հոգեշնորհ հայր սուրբը։
Հայր սուրբը քարոզին սկիզբը Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական ողջոյնները՝ եագուպիահայերուն եւ Եագուպիէի, Քնեյյէի եւ Ճտէյտէյի քրիստոնեաներուն։
Հայր Սուրբի քարոզին բնաբանն էր մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի փրկուի» (Մտ 10.22)։
Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ վերջին տասը դժուարին տարիներուն, եագուպիահայերէն շատեր իրենց տուներէն դուրս եկան, շատեր ճամբորդեցին, ուրիշներ մնացին, սակայն որպէս քրիստոնեայ կոչուած ենք համբերատար ըլլալու եւ Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած նշանով՝ համբերութեամբ փրկուեցանք եւ այսօր դարձեալ համախմբուեցանք Ս. Աննա հրաշագործ մատուռին մէջ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցելու, փառաբանելու Տէրը եւ եագուպիահայ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար աղօթելու։
Հայր սուրբը, Եագուպիէ գիւղի հարազատ զաւակը ըլլալով, իր ուրախութիւնը յայտնեց Ամենակալին՝ պարգեւած այս բերկրալի առիթին համար եւ հրաւիրեց ներկաները զգօն ըլլալու եւ որպէս եագուպիահայեր եւ մէկ ժողովուրդի զաւակներ՝ համբերութեան պտուղը քաղելու։
Հայր Սուրբը, յանուն Սրբազան Հօր, կոչ ուղղեց եագուպիահայերուն վերադառնալու Եագուպիէ, ստանձնելու իրենց հողերը եւ իրենց ներդրումը բերելու Եագուպիէի վերածաղկումին, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ ամիսներուն Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Աննա եկեղեցիներուն վերօծման, որ պիտի կատարուի Սրբազան Հօր ձեռամբ։
Քարոզի աւարտին, հայր սուրբը Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ շնորհակալական եւ գնահատական նամակ փոխանցեց Լուէյ Պշարաթին՝ Սուրիոյ պատերազմի օրերէն ի վեր Եագուպիէի մէջ իր մատուցած ծառայութիւններուն եւ մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, համայնքի զաւակներուն եւ բնակարաններուն նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելուն համար։ Այս առիթով, ան Սրբազան Հօր կողմէ արծաթեայ հայկական խաչ մը յանձնեց Լուէյ Պշարաթին։
Ան հայկական խաչ նուիրեց նաեւ Քնեյյէի հոգեւոր հովիւ Ղուկաս Մեսրոպին, նաեւ Ֆուատ Պիթառին, որ Եագուպիէ կը գտնուէր։
Հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ հրաշագործ Ս. Աննային բարեխօսութիւնը հայցեցին։
Պատարագէն ետք, հայր սուրբը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Ղուկաս Մեսրոպը վերջին Աւետարանը ընթերցեց, ապա կատարուեցաւ աղի, խունկի եւ ջուրի օրհնութիւն, որուն պատրաստութեան աշխատանքները կատարած էին Լաթաքիոյ Եագուպիէի եղբայրակցութեան կողմէ։
Այս առիթով, ներկաներուն բաժնուեցան Ազգ. Կրօնական Ժողովին կողմէ հրատարակուած առաքելական յորդոր պարունակող բացիկներ։
Ս. Աննա եկեղեցւոյ նորոգուած զանգը առաջին անգամ ղօղանջեց։
Այնուհետեւ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր զանգի ղօղանջին ներքոյ հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ եագուպիահայ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին։
Աւարտին, բոլոր ներկաներուն ճաշ մատակարարուեցաւ՝ Հալէպի եւ Լաթաքիոյ Եագուպիէի հայրենակցական միութեան կողմէ։
Յուզումնախառն զգացումներով, եւ ալեկոծեալ հոգեվիճակով, բայց միեւնոյն ատեն Տիրոջ շնորհած փառքով մխիթարուած, եագուպիահայերը դարձեալ համախմբուեցան իրենց հարազատ գիւղին մէջ եւ եկեղեցիներու զանգերու աւետաբեր ղօղանջով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով փառք տուին Աստուծոյ եւ Ս. Աննային օրհնութիւնը ստանալով՝ ներքին խաղաղութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները։
Այնուհետեւ, հայր սուրբը հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթին հետ շրջեցաւ գիւղին մէջ եւ համայնքի կալուածներուն ներկայ իրավիճակին ծանօթացաւ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւն