Երեւանը դեռ չէ պատասխանած Անթալիոյ մէջ կայանալիք դիւանագիտական համաժողովին մասնակցելու Անգարայի հրաւէրին: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
Ան յիշեցուցած է, որ Մարտ 11-13-ը Թուրքիոյ հարաւը կայանալիք համաժողովին հրաւէրներ ուղարկուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանին: «Երեւանը դեռ չէ հաստատած իր մասնակցութիւնը համաժողովին», ըսած է թուրք նախարարը` յաւելելով, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաւէր չէ ուղարկուած:
Ան նշած է նաեւ, որ հայկական կողմը նախընտրած է Վիեննան որպէս բանակցութիւններու երկրորդ փուլի կայացման վայր: «Հեռախօսով անոնք առաջարկած են երկրորդ հանդիպումը կատարել կամ Վիեննայի կամ Ժընեւի մէջ: Մենք խորհրդակցեցանք մեր յատուկ ներկայացուցիչին հետ, եւ քանի որ անցեալ անգամ Ժընեւի մէջ ձախողում եղած էր, ընտրեցինք Վիեննան», ըսած է Չաւուշօղլուն: