image

Իրանի զինուժը վճռականօրէն պիտի արձագանգէ որեւէ յարձակման. Արաքչի

Իրանի զինուժը վճռականօրէն պիտի արձագանգէ որեւէ յարձակման. Արաքչի

Իրանի զինուած ուժերը վճռականօրէն եւ լայնածաւալ կերպով պիտի արձագանգեն ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ իրանական ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու վրայ որեւէ յարձակման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին՝ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին։

«Այս տեսակի սպառնալիքը, ըստ էութեան, ռազմական յանցագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնը օրինականացնելու փորձ է։ Եթէ այն իրականացուի, Իրանի զինուած ուժերը, անկասկած, վճռականօրէն եւ լայնածաւալ կերպով պիտի արձագանգեն»,– Արաքչիի խօսքերը մէջբերած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը՝ Telegram-ի վրայ։

Արաքչին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին ըսած է, որ Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն վրայ հարուածները կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենան համաշխարհային տնտեսութեան համար։

«Այսպիսի իրավիճակի հետեւանքները չեն սահմանափակուիր միայն Իրանով եւ տարածաշրջանով։ Անոնք կործանարար ազդեցութիւն պիտի ունենան համաշխարհային ուժանիւթի եւ տնտեսութեան վրայ։ Եւ ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն յարձակող կողմերը»,– յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։