Մարդ կը փնտռեմ
Դիոգենէս Քա. չորրորդ դարու յոյն փիլիսոփայ մըն էր (403-323):
Անոր կը վերագրուին աւելի քան տասնեակ մը փիլիսոփայական, այլեւ գրական երկեր, որոնց ոչ մէկը հասած է յետնորդներուս:
Հակառակ ծնած ըլլալուն բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ՝ ան կ’ապրէր ճգնողական սակաւապէտութեամբ՝ հրաժարելով կեանքի բոլոր պերճանքներէն, ընդհուպ՝ տարրական կարիքներէն եւս:
Իբրեւ բնակարան ունէր... տակառ մը, ուր ան շրջա-պատուած էր փողոցային քանի մը անտէր շուներու դրացնութեամբ:
Այլեւ ունէր... կանթեղ մը, որ կը վառէր եւ ցերեկ աչքով կը շրջէր Աթէնքի փողոցները:
Ապշահար աթենացիներու այն հարցումին, թէ «կանթեղով ի՛նչ կ’ընէր օրուան լոյսին», - ան չէր վարաներ համոզումով պատասխանելու.
-Մա՛րդ կը փնտռեմ:
* * *
Դիոգենէսի միակ «պերճանքը» գաւաթ մըն էր, որ գօտիին կախած կ’ըլլար միշտ:
Այդ գաւաթով ան ջուր կը խմէր Աթէնքի աղբիւրներէն:
Օր մըն ալ սովորականին պէս կ’ուղղուի աղբիւր՝ ծարաւը յագեցնելու, եւ ահա հոն կը տեսնէ փոքրիկներ, որոնք իրենց ափերով կը խմէին ջուրը:
-Ուրեմն կարելի է առանց գաւաթի եւս խմել,- կը մրմնջէ ու գօտիէն հանելով գաւաթը՝ կը շպրտէ զայն անծանօթ ուղղութեամբ մը:
* * *
Կը պատահի նաեւ, որ ծովահէններ գերի բռնեն Տիոգենէսը ու զայն վաճառքի հանեն հրապարակաւ: Կը մօտենայ կորնթացի Քսենիատը եւ կը հարցնէ անոր.
-Դուն ի՞նչ ընելու ատակ ես:
-Թող զիս գնէ ա՛ն, որ պէտք ունի տիրոջ մը, - կը պատասխանէ Դիոգենէս:
Պատասխանը շատ հաճելի կը թուի Քսենիատին, որ իսկոյն կը գնէ զայն ու կը դարձնէ իր զաւակներուն ուսուցիչը:
Դիոգենէս այնքան լաւ կը կրթէ փոքրիկները, որ անոնց հայրը ստրկութենէ ազատ կ’արձակէ Դիոգենէսը:
* * *
Դիոգենէսի օրով էր, որ Աղեքսանդր Մակեդոնացին գրաւեց Աթէնքը:
Ան փափաքեցաւ տեսնել Դիոգենէսը եւ ուղղուեցաւ անոր «բնակարանը»:
Այցելութեան աւարտին ան հարցուց Դիոգենէսին, թէ ի՛նչ կը փափաքի ունենալ:
-Արեւս մի՛ խափաներ,- պատասխանեց Դիոգենէս Աղեքսանդրին, որ կանգնած էր իր ու արեւին միջեւ եւ արգելք կ’ըլլար ճառագայթներու տակառ մուտքին:
Դիպուածը այնպէս բերաւ, որ Դիոգենէս եւ Աղեքսանդր մեռնին նոյն օրը:
Անոր շիրիմին վրայ յ նկարած են շուն մը եւ արձանագրած՝ հետեւեալը.
«Թող ծերանայ պղինձը՝ ենթարկուելով ժամանակի կամքին,
Սակայն քու փառքդ, Դիոգենէս, պիտի ապրի առյաւէտ,
Դուն մեզ սորվեցուցիր ինչպես ապրիլ ու գոհանալ ունեցածով,
Մեզի ցույց տուիր այն ուղին, որմէ աւելի հեշտը չկայ»:
Ինչպէ՞ս կը գրուի արդի հայերէնը...
Ահաւասիկ նմուշներ.
***Պահրէյնի թագաւորը Պէյրութի մէջ իր երկրի դեսպանատան վերաբա-ցումը յայտարարեց («Ազդակ», 24/7/2025, էջ 1):
Հարցում՝
-Ո՞վ յայտարարեց՝ Պահրէյնի թագաւորը:
-Ո՞ւր յայտարարեց՝ Պէյրութի մէջ:
-Ի՞նչ յայտարարեց՝ դեսպանատան վերաբացումը:
-Որո՞ւ դեսպանատան՝ իր երկրի:
Ուրեմն՝ ըստ այս լրատւութեան, ըսել կ’ուզեմ՝ ըստ այս շարադրութեան՝ Պահրէյնի թագաւորը Պէյրութ եկած կ’ըլլայ եւ այսեղ ալ յայտարարած կ’ըլլայ իր երկրի դեսպանատան վերաբացումը: Ինչ որ ճիշդ չէ:
Պահրէյնի թագաւորը ո՛չ Պէյրութ եկած է, ո՛չ ալ պէտք ունէր գալու:
Ան այդ բացումը յայտարարած է հէնց իր սեփական երկրին մէջ: Այսինքն՝
---Պահրէյնի թագաւորը յայտարարեց իր երկրի դեսպանատան վերաբացու-
մը Պէյրութի մէջ:
***Տակաւին յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած բանակցութիւններուն վայրին վերաբերեալ որոշումը չվճռուեցաւ («Ազդակ», 21/7/2025, էջ 1):
Այստեղ իբրեւ որոշիչ կիրարկուած է նախատեսուած-ը, որ կը կոչուի «վաղակատար դերբայ»: Վաղակատար կը նշանակէ վաղուց, անցեալին ինչ-որ ժամանակի մը մէջ կատարուած գործողութիւն:
Օրինակ՝ երբ կ’ըսեմ «կերած հացս» կամ «խմած ջուրս»՝ երկուքն ալ կը վերաբերին արդէն անցեալի մէջ կերուած ու խմուած հացի ու ջուրի:
Այս դերբայը իր նշանակութեան բերումով՝ իբրեւ լրացում կրնայ առնել այնպիսի բառեր, որոնք կը վերաբերին միայն անցեալին. այսպէս՝
--տասը օր առաջ ստացած գիրքս
Սակայն երբեք՝ ապագան, գալիքը ցոյց տուող բառ մը. այսպէս՝
--գալ տարի գնած շապիկս...
Նշանակութիւն չունեցող, անհեթեթ կառոյց մըն է այս վերջինը:
Եւ ճիշդ նման անհեթեթ կառոյց մը կը գտնենք մեր սերտած օրինակին մէջ. «յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած բանակցութիւններ»: Մինչդեռ ապագան ցոյց
տալու համար մենք ունինք ապառնի դերբայը.
---Յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն վայրին որոշումը չտրուեցաւ:
Ծանօթ.- Որոշումը կը տրուի, կը կայացուի. ան չի՛ վճռուիր:
Մրցոյթ 40.
***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը ջնջես.
---Նախարարաց խորհուրդը երկար ծանրացաւ տնտեսական ու հրատապ հարցերու վրայ:
***Վերաշարադասէ՛ ու ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնը:
***Կրնա՞ս սրբագւրել հետեւեալին քերականական սխալը.
---Քննչական յանձնախումբը հաստատած է ԱԳ նախարարութեան մէկ աշխա-տակցին մը ձերբակալումը («Նոր յառաջ», թիւ 2190, էջ 3):
***Ինչպէ՞ս կը բառնաս հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Խորհուրդը կոչ ուղղեց վերաշահելու քաղաքացիին վստահութիւնը՝ լուծելով պարէնային, տնտեսական ու առողջապահական խնդիրները:
***Ինչպէ՞ս կրնաս փոխարինել ընդգծուած զոյգ անորոշ դերբայները:
---Պարրաքի Լիբանան 4-րդ այցելութեան ջնջել սպառնալը ջնջումի սպառնալիքը մտահոգիչ է:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (2), Միրնա Սիւլիւքճեան (5), Գեղամ Խաչատրեան (6), Համբարձում Յարթունեան (3), Պերճ Տէր Սահակեան (2),Եփրեմ Թոքճեան (5):
Մրցոյթ 41.
***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը ջնջես.
---Խորհրդարանական յաջորդ նիստը պէտք է ըլլայ հանդարտ ու երկխօսութեամբ («Ազդակ», 1/9/2025, էջ 2):
***Հետեւեալին ո՞ր բառերը կրնաս ջնջել.
---Այլ խօսքով՝ Արցախը ենթարկուած է ծրագրուած ու հետեւողական կերպով գործադրուած ցեղասպանութեան («Զարթօնք», 2/9/2025, էջ 1):
***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադասես հետեւեալը.
---Կրօնապետը կոչ կ’ուղղէ պետութիւնը փտածութեան եւ զէնքի ձեռքէն վերստանձնելու («Ազդակ», 4/9/2025, էջ 2):
***Գտի՛ր ու սրբագրէ՛ քերականական սխալը.
---Երբ բարիք կ’ընես, մի՛ սպասեր, որ քեզ փոխադարձեն եւ կամ գնահատեն («Զարթօնք», 2/9/2025, էջ 5):
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Կարեւորագոյնը՝ աշխատելու տրամադրութիւն եւ հետաքրքրութիւնն է գործի մը յաջողութեան համար («Ազդակ», 6/9/2025, էջ 4):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com