Ահա կեանքը, կոյր հրապոյր,
Հաճոյ դէմքով՝ լուռ արտասուք,
Ահա սէրը անկեղծ մարդուն,
Անզօր կամքով՝ սուտ պաշտամունք:
Այս է հիմքը տգէտ մտքին,
Անհաս՝ սիրոյ սուրբ կենցաղին,
Այս է վիշտը ցաւող սրտին,
Խաբուած՝ գինով սուտ բերկրանքին:
Գիտցի՛ր, ընկեր իմ մտատանջ,
Խաղաղ սրտիդ փուշն հոգետանջ՝
Բելիարն է սեպ, բո՛ւն խաբեբան,
Սին հմայքով սուտ ոսկեման:
Բայց, եւ գիտցիր, թէ տիրոջ քով,
Ան թերի է, նաեւ վրդով,
Ծիւր՝ եդեմի հուր եղէգով,
Վտակ մըն է՝ սուտ ջրերով:
ԿԱՅԼԱԿ
(Մարտ 16, 2012)
«Սէր Ու Կրակ» գիրքէն