image

Երեւանի մէջ.Ընթացք առաւ Համազգայինի 9-րդ պատգամաւորական ժողովը

    Երեւանի մէջ.Ընթացք առաւ Համազգայինի  9-րդ  պատգամաւորական ժողովը

Նշենք, որ  երկօրեայ ժողովի  աւարտին  ժողովը պիտի ընտրէ «Համազգային»ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւն, որ հերթականին պէս պիտի ունենայ  նոր ատենապետ։

 

25 Մայիս 2022-ին, Երեւանի մէջ սկսաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 9-րդ պատգամաւորական ժողովը:

Ժողովին մեկնարկը կատարուեցաւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր  յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին եւ ժողովականներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը։

64 պատգամաւորներ եւ աշխարհի 15 երկիրներէ հրաւիրեալներ կը մասնակցին Համազգայինի 9-րդ պատգամաւորական ժողովին, որուն ընթացքին համազգայինի տարբեր կառոյցներու կողմէ կը զեկուցուի վերջին չորս տարիներու գործունէութիւնը, կը ճշդուին հետագայ աշխատանքները, եւ կ'ընտրուի նոր Կեդրոնական վարչութիւն։

Ժողովը կ'ընթանայ 25-էն 27 Մայիս:

Նշենք, որ  երկօրեայ ժողովի  աւարտին  ժողովը պիտի ընտրէ «Համազգային»ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւն, որ հերթականին պէս պիտի ունենայ  նոր ատենապետ։