Ռուսիա երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին մէջ «ազնիւ միջնորդի» իր դերէն. այս մասին odkb-info.org-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին:
Դեսպանի խօսքով՝ անոր վառ ապացոյցն են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին շփումները գործընկերներուն հետ, մասնաւորապէս՝ 18-19 օգոստոսի անոր պետական այցն Ատրպէյճան եւ անկէ յետոյ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցները, որոնց ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցերը:
«Դրական արդիւնքի հասնելու համար Ռուսիան ունի անհրաժեշտ փորձ, նիւթեր (ներառեալ՝ քարտէզագրական) եւ համապատասխան հեղինակութիւն տարածաշրջանին մէջ։ Աւելին, ի տարբերութիւն «հաւաքական Արեւմուտքի», մենք Հարաւային Կովկասը չենք դիտարկեր որպէս որեւէ մէկու հետ «առճակատման գօտի»: Համաշխարհային մեծամասնութեան երկիրներն արդէն յստակ կը հասկնան տեղի ունեցող իրադարձութիւններու իրական նպատակը՝ տարածաշրջանը վերածել Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի առճակատման եւս մէկ ասպարէզի, վնաս հասցնել մեր երկրի շահերուն ամէն կերպով եւ ամէն գինով, նոյնիսկ մարդկային կեանքերու», - ըսած է Քոփիրքինը։
Ըստ Ռուսիոյ դեսպանին՝ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման հարցով ռուսական կողմի մօտեցումը կը մնայ անփոփոխ, քանի որ այդ արձանագրուած է Փութինի կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ։
«Ի հարկէ, մեր օգնութեան ծաւալն ու ձեւերը պէտք է ընդունելի ըլլան կողմերէն իւրաքանչիւրի համար: Ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համահունչ՝ Մոսկուան յաջողութեամբ հարթակ տրամադրած է խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններուն համար։ Կրկին շեշտեմ, որ մենք պատրաստ ենք այդ ընել ապագային։ Մենք կ'երաշխաւորենք երկու պատուիրակութիւններու աշխատանքին համար աւելի յարմարաւէտ պայմաններու ստեղծումն իրենց նախընտրած երկկողմ ձեւաչափով», - ըսած է Քոփիրքին։
Ռուսիոյ դեսպանը աւելցուցած է, որ Մոսկուայի երկու դաշնակիցներու միջեւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը Ռուսիան կը համարէ անբաժանելի անվտանգութեան եւ կայուն ընկերային-տնտեսական զարգացման ճարտարապետութեան կառուցման անփոխարինելի նախապայման։
«Մենք յոյս ունինք, որ առկայ տարաձայնութիւնները շուտափոյթ լուծում կը ստանան եւ յաջող առաջընթաց կը բերէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ ոլորտներուն մէջ՝ ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան», - եզրափակած է ան: