12 Յունիս 2019-ին, Երեւանի մէջ հանրութեան պիտի ներկայացուին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի երկու հատորները:
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք ԱՀԱԸ-ի Երեւանեան գրասենեակէն:
Գիրքերը կը կրեն «Այս տունի քո՞ւկդ է, թէ իմս» եւ «Հալէպ. առաջին կայարան» խորագրերը:
Հատորներու ներկայացման ընթացքին խօսք պիտի առնեն Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեան, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան, պատմաբան Էտիկ Միանսեան, յայտնի ազգագրագէտ եւ բանասէր Յակոբ Չոլաքեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանագէտ Անուշ Յովհաննիսեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գիտնական քարտուղար Նարինէ Մարգարեան եւ ԱՀԱԸ-ի Մամլոյ քարտուղար Անդրանիկ Մարդոյեան, ինչպէս նաեւ ողջոյնի եւ բացման խօսքով հանդէպ պիտի գայ ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան: