image

Մէրամէթճեանցի երկու աշակերտներու գծանկարները ցուցադրուած են Երեւանի մէջ

Մէրամէթճեանցի երկու աշակերտներու գծանկարները ցուցադրուած են Երեւանի մէջ

Երեւանի մէջ կայացած «Խաղաղութիւն» նիւթով մանկական ստեղծագործական միջազգային մրցում-ցուցահանդէսի աւարտական ձեռնարկին համար, որուն դիմած են Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն աւելի քան 1500 շնորհալի երախաներ, միջազգային մասնագիտական դատակազմի կողմէ ընտրուած է 80 նկարներ, որոնց մէջ եղած են նաեւ Պոլսոյ Մէրամէթճեանցի երկու աշակերտներու գործերը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

22 Մայիսի մեր թիւով լուր մը հաղորդած էինք Երեւանէն։ Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Արհեստաւորներու Միութիւն» Մշակութային Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, այսօր՝ 24 Մայիսին Երեւանի մէջ կը կայանայ «Խաղաղութիւն» նիւթով մանկական ստեղծագործական միջազգային մրցում-ցուցահանդէսի աւարտական ձեռնարկը։

Այս ծրագիրը միաւորած է Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Եգիպտոսէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Իւզպէքիստանէն, Թուրքիայէն, Յունաստանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Սպանիայէն եւ Աւստրիայէն աւելի քան 1.500 շնորհալի երախաներ։

Հաճոյքով կը տեղեկանանք որ աւարտական ցուցահանդէսի համար, միջազգային մասնագիտական դատակազմի կողմէ ընտրուած 80 նկարներու միջեւ կան Մէրամէթճեանցի երկու աշակերտներու գործերը։

Մէրամէթճեանի 4-րդ դասարանէն Հելէնա Չ., Լիզա Մարի Դ., 5-րդ դասարանէն Լիտիա Ա., Լէա Ա. եւ Նիքոլ Ք. մասնակցութիւն բերած էին իրենց աշխատանքներով։ Անոնցմէ 4րդ դասարանցի Լիզա Մարի Դ. եւ 5րդ դասարանցի Լէա Ա.ի գծանկարները լաւագոյն 80ի մէջ են։

Վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ այս գիշեր Երեւան գնաց։ Ան այսօր պիտի մասնակցի աւարտական արարողութեան եւ ցուցահանդէսի բացումին։

Կը շնորհաւորենք Մէրամէթճեանցի աշակերտներն ու իրենց գծանկարչութեան ուսուցիչը Վահրամ-Վօլքան Եարըճըն, որ ուղղորդեց տղաքը, նաեւ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուն, որ օգնեց տղոց՝ նկարներու թէման ընտրելու համար։