Իրանի կողմէ ՄԱԿ-ի միջուկային վերահսկող մարմնի՝ Միջազգային միջուկային ուժանիւթի գործակալութեան հետ համագործակցութեան դադրեցումը անընդունելի է։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Թեմի Պրիւսը։
«Մենք «անընդունելի» բառով կը մեկնաբանենք այն, որ Իրանը որոշեց դադրեցնել իր համագործակցութիւնը Միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ, այն պարագային երբ ունի հնարաւորութիւն փոխելու իրավիճակի ընթացքը եւ ընտրելու խաղաղութեան ու բարգաւաճման ուղին», - ըսած է ան։
Պրիւս յայտնած է, որ Իրանը պէտք է ամբողջովին կատարէ իր պարտաւորութիւնները Միջուկային զէնքի տարածման դէմ պայքարի պայմանագրի (NPT) շրջածիրէն ներս, այդ շարքին՝ Միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տրամադրելով չյայտարարուած միջուկային նիւթերու մասին տեղեկութիւն եւ չսահմանափակելով հասանելիութիւնը նոր յայտարարուած հարստացման կայաններու։
«Պէտք է կրկնենք, որ Տանըլտ Թրամփի առաջնորդութեամբ մենք այս հարցով մեծ առաջընթաց արձանագրած ենք, Իրանը չի կրնար եւ պիտի չունենայ միջուկային զէնք։ Նախագահը այս մասին բազմիցս յայտարարած է, Պետական Քարտուղարն ալ բազմիցս շեշտած է», - ընդգծած է Պրիւս։