Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած է Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած 9 346 անձ: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանը։
Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած է 10 961 դիմում: Ի յաւելումն նշուած 9 346 քաղաքացիներու՝ ՀՀ անձնագրեր ինքնաշխատ կերպով ստացած են շուրջ 4,4 հազար երեխայ (այն հիմքով, որ քաղաքացիութիւնն ընդուներ են անոնց ծնողները)։
Նախարարը յիշեցուցած է, որ արցախցիներու դիմումները կը քննարկուին արագացուած կարգով (միջինը մէկ ամսուան ընթացքին, թէեւ ընդհանուր միջինը 4,5 ամիս է), իսկ անոնց դիմումներով մերժման դէպքեր չեն արձանագրուած: Սարգսեանը յիշեցուցած է նաեւ, որ բացի անձնագրային ծառայութեան մշտական բաժանմունքներէն, ՆԳՆ-ն շրջիկ կէտեր բացած է հանրապետութեան մէջ։
ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներով՝ 2023 թուականի սեպտեմբերէն ետք Արցախէն 115 365 մարդ բռնի տեղահանուած է։