ՀՀ Ազգային ժողովն այսօր 65 կողմ, 27 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներով երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմնի մասին» եւ «Ուժանիւթի մասին» օրէնքներուն մէջ նախատեսուած փոփոխութիւններու եւ լրացումներու փաթեթը (այլ կերպ ըսած՝ ՀԵՑ-ի պետականացման նախագիծը)։
Երկրորդ ընթերցման ժամանակ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Վլատիմիր Վարդանեանը նշած է, որ երէկ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստին քննարկումէն ետք նախագիծը լրամշակուած է, մասնաւորապէս, երկու նոր օրէնքներով։ Առաջարկուած է կառավարութեան կողմէ ներառել նախագիծի փաթեթին մէջ նաեւ «Սնանկութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին եւ «Իրաւաբանական անձանց պետական գրանցման, իրաւաբանական անձանց առանձնացուած ստորաբաժանումներու, հիմնարկներու եւ անհատ ձեռնարկատէրերու պետական հաշուառման մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը։
Ըստ Վարդանեանի՝ ներկայացուած օրէնսդրական փաթեթի հիմնական նպատակն է կառավարութեան լիազօր մարմնի կողմէ համապատասխան հիմքերու առկայութեան պարագային Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմնի նախագահին տալ համապատասխան լիազօրութիւն վարոյթ յարուցելու եւ վարոյթ յարուցելու շրջածիրէն ներս կանխարգելիչ միջոցառումներ կիրառելու վերաբերեալ։
Նշենք, որ յուլիս 1-ին՝ արտահերթ նիստին նախագիծի քննարկման ժամանակ, Ազգային Ժողովէն ներս մթնոլորտը թէժ էր։ Ընդդիմադիր պատգամաւորները միաբերան կը պնդէին, որ խորհրդարան բերուած նախագիծը քաղաքական հաշուեյարդար է այլախոհութեան համար։
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը նախազգուշացուցած է՝ ՀԵՑ-ի պետականացման նախագիծը կեանքի կոչուելու պարագային ոչ միայն պիտի վատանայ համակարգը, այլեւ Հայաստանը պիտի յայտնուի ծանր վիճակի մէջ։ Նոյն խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանն ալ նախազգուշացուցած է՝ ՀԵՑ–ի պետականացման նախագիծը պիտի յանգեցնէ Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան էականօրէն տուժելուն, եւ միջազգային դատական հայցերու ներկայացման՝ ՀՀ-ի դէմ։ Նոյն խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանն ալ յայտարարած է՝ երբ այս իշխանութիւնը ստանձնէ ՀԵՑ–ի կառավարումը, ելեկտրաականութիւնը պիտի սղի, իսկ որակը՝ կրկնակի պիտի վատանայ։
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանն իր հերթին կատարուողը բնորոշած է որպէս «խլելը նորաձեւ է» գործողութիւն։ Ըստ անոր՝ սա ոչ միայն Սամուէլ Կարապետեանի դէմ է, այլեւ ազդանշան է միւսներու համար, որ իշխանութիւնն իր կառուցած բռնատիրութիւնը պաշտպանելու ճանապարհին մարդոց ունեզրկելէ, ազատազրկելէ կամ բռնութիւն գործադրելէ ետ պիտի չկանգնի։
Մինչդեռ իշխանական պատգամաւորներու խօսքով՝ նախագիծը դեռ քիչ մըն ալ ուշացած է։ ՔՊ–ական պատգամաւոր, Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը նախագիծը ներկայացնելու ժամանակ յայտարարած է, թէ «պէտք չէր պետութեան մէջ պետութիւն կառուցել»։