Քաթարը պատրաստ է աջակցելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան դիւանագիտական լուծման։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ մէջ Քաթարի դեսպան Ահմետ պըն Նասեր պըն Ճասիմ Ալ Թանին։
«Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հակամարտութիւնը ամենալուրջ ճգնաժամերէն մէկն է, եւ չափազանց կարեւոր է անոր դիւանագիտական լուծում գտնելը։ Յուսանք, որ խաղաղութիւն կը հաստատուի բանակցութիւններու եւ դիւանագիտութեան ճանապարհով։ Քաթարի պետութիւնը միշտապէս պատրաստ է աջակցելու որեւէ քաղաքական վէճերու կամ պետութիւններու միջեւ ռազմական հակամարտութիւններու կարգաւորման», - ըսած է ան։
Դեսպանը աւելցուցած է, որ Քաթարը կը ձգտի խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատել ե՛ւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին մէջ, ե՛ւ ամբողջ աշխարհի վրայ։