Մայիս 18-ին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով «Նաիրի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ալֆոնտ Ռիսոնը:
Այդ օրը, ժամը 16:00-ի սահմաններուն Պէյրութ եւ Գրիգոր Լուսաւորչ փողոցներու խաչմերուկին վրայ բախած են Երեւանի բնակիչներ Արման Ս.-ի վարած Mercedes մակնիշի եւ Արմէն Գ.-ի վարած Audi մակնիշի ինքնաշարժները, որու հետեւանքով Audi-ի ուղեւոր Ա. Ռիսոնը տեղափոխուած է «Նաիրի» բժշկական կեդրոն:
Դէպքի վայր ժամանած են ՀՀ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան Երեւանի գունդի պարեկները:
Audi ինքնաշարժին վրայ եղած են դիւանագիտական համարանիշներ: