image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ Իտալիոյ դեսպանը փոխադրուած է հիւանդանոց. Պատճառը ինքնաշարժի արկածն է

Երեւանի մէջ Իտալիոյ դեսպանը փոխադրուած է հիւանդանոց. Պատճառը ինքնաշարժի արկածն է

Մայիս 18-ին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով «Նաիրի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ալֆոնտ Ռիսոնը:

Այդ օրը, ժամը 16:00-ի սահմաններուն Պէյրութ եւ Գրիգոր Լուսաւորչ փողոցներու խաչմերուկին վրայ բախած են Երեւանի բնակիչներ Արման Ս.-ի վարած Mercedes մակնիշի եւ Արմէն Գ.-ի վարած Audi մակնիշի ինքնաշարժները, որու հետեւանքով Audi-ի ուղեւոր Ա. Ռիսոնը տեղափոխուած է «Նաիրի» բժշկական կեդրոն: 

Դէպքի վայր ժամանած են ՀՀ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան Երեւանի գունդի պարեկները:

Audi ինքնաշարժին վրայ եղած են դիւանագիտական  համարանիշներ: