Այսօր՝ 19 յունիսին, սպանութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 00։50-ի սահմաններուն 1-03 շտապօգնութեան 2-րդ ենթակայանէն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Գ․ Հասրաթեան փողոցի 11 հասցէին վրայ գտնուող պենզալցակայանի ետնամաս, ուր յայտնաբերած են երիտասարդ տղու դի։
Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, դէպքի վայր ժամանած ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Հնդկաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի 24-ամեայ Ա․ Սուրատինն է։ Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ դիակի մէջքի հատուածին կայ կտրած-ծակած վէրք։
Մինչ ոստիկաններն ու քննիչները կ'աշխատէին դէպքի վայրին մէջ, «Արմենիա» բժշկական կեդրոնէն Ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին ահազանգ եղած է, որ «կրծքավանդակի աջ կէսի կտրած-ծակած վէրք եւ գլխու վնասուածք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը։ Հիւանդանոց մեկնած Ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնի քրէական հետախուզութեան բաժանմունքի ծառայողները պարզած են, որ վիրաւորը Հնդկաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի 31-ամեայ Մ․ Լինտոնն է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է Գ․ Հասրաթեան փողոցէն։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ դէպքի վայր ժամանած ոստիկաններն ու պարեկները Գ․ Հասրաթեան փողոցի 10/9 հասցէի հարեւանութեամբ վնասազերծած են Հնդկաստանի Հանրապետութեան քանի մը քաղաքացիներ, որոնց վրայ առկայ եղած են արնանման հետքեր, մի քանիի հագուստները՝ պատռտուած։
Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած են արնանման հետքեր, պատռտուած վերնաշապիկ, բջիջային հեռախօս, պատառաքաղ, որու վրայ նոյնպէս առկայ է արնանման հետք, ինպէս նաեւ սպանուածի հողաթափերը, որոնց վրայ նոյնպէս արեան հետքեր եղած են։
Դէպքի փաստով՝ Աջափնեակ եւ Դաւիթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս սպանութիւն յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։ Ըստ աղբիւրի՝ ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են կռիւի մասնակից բոլոր հնդիկները եւ սպանութիւն կատարողի ինքնութիւնը, սակայն նախաքննութեան շահերէն ելլելով, որոշ մանրամասներ, ինչպէս նաեւ կռիւի մասնակիցներու եւ սպանութիւն կատարողի տուեալները չեն հրապարակուիր։