Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է «Սպաննուած քաղաքացի» խորագիրով երթին մասնակցող զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ։
Վերջիններս փորձած են խոչընդոտել երթի մասնակիցները, որոնք ցանկացած են ketchup լեցնել պողոտան տեղադրուած արձանին վրայ։
Ծնողները ոստիկաններուն ըսած են․
«Գնացէք Նիկոլին կարգի հրաւիրէք։ Մեզնից ի՞նչ էք ուզում։ Նոյն ձեւի գնացէք Տեղ գիւղի սահմանը պաշտպանէք։ Վախեցէք իր զաւակի պատիւը պաշտպանելու դուրս եկած ծնողից, վախեցէք մայրերից»։