image

Երեւանի ՀԲԸՄ-ի յարկին տակ ձեւաւորողներու ցուցահանդէս կը գործէ (Լուսանկարներ)

Երեւանի ՀԲԸՄ-ի յարկին տակ ձեւաւորողներու ցուցահանդէս կը գործէ (Լուսանկարներ)

Երէկ Երեւանի ِՀԲԸՄ-ի շէնքին մէջ «ԱՓ»-­ի առաջին տիզայն տաղաւարի բացումը կատարուած է, ուր ցուցադրուած է Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, ԱՄՆ-էն, Մեծ Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Իրանէն եւ Պրազիլէն հայկական ծագում ունեցող շուրջ 25 ձեւաւորողներու (տիզայնըր) շարք մը աշխատանքներ։

Հայերենի մէջ «ԱՓ»-ը երկիմաստ բառ է, որ կը նշանակէ «ձեռքի ափ» եւ «ծովու ափ»։ Այս երկիմաստ բառի ընտրութիւնը պայմանաւորուած է այն բանով, որ այն ե՛ւ կը կերպարաւորէ արհեստագործութիւնը, ե՛ւ նախագծի՝ տարբեր ափեր ու քաղաքներ հասնելու նպատակը։ Իսկ անգլերենի մէջ «UP» բառը կը նշանակէ «դէպի վեր խոյացող շարժում», որ կը մարմնաւորէ ծրագրի տեսլականը՝ բարձրացնել տեղական եւ արտասահմանեան շուկաներու իրազեկուածութիւնը ժամանակակից հայկական տիզայնի եւ հայ տիզայնըրներու մասին։ 

«ԱՓ» տիզայն տաղաւարի հովանաւորներն են «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամը, ՀԲԸՄ-ը, «Թի Էֆ Էյ ճարտարապետներ» ՍՊԸ-ն եւ «Փեռնօ Ռիկար Արմէնիա» ՓԲԸ-ն։