image

Երեւան ժամանած ատրպէյճանցի փորձագէտներու մէջ է նաեւ Արցախի շրջափակման մասնակցած «բնապահպանը»

Երեւան ժամանած ատրպէյճանցի փորձագէտներու մէջ է նաեւ Արցախի շրջափակման մասնակցած «բնապահպանը»

Հայաստան ժամանած ատրպէյճանցի փորձագէտներու խումբին մէջ է նաեւ Արցախի շրջափակման մասնակցած «բնապահպան» ոմն Տիլարա Էֆենտիեւան։

Fip.am-ը գրած է, որ Էֆենտիեւան «Փաստերու ստուգման հարթակի» ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած էր 2022-ի դեկտեմբերին, երբ ատրպէյճանցի այսպէս կոչուած «բնապահպանները» արգելափակած էին այն ժամանակ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Լաչինի միջանցքը։

Էֆենտիեւան անձամբ որպէս «բնապահպան» մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի արգելափակման։

Այդ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող Արցախի քաղաքացիներու տեղափոխումը Երեւան կը շարունակէ անհնար մնալ:

Մինչդեռ, Էֆենտիեւան 2022 թուականի դեկտեմբերին հրաապարակուած տեսանիւթին մէջ կը պնդէր, որ իբր իրենք պատրաստ են միջանցք տալու՝ արցախցիներու պատշաճ բուժօգնութեան համար։

«Ես՝ որպէս այս արշաւի կազմակերպիչներէն մէկը, կ՚ուզեմ հաստատել, որ մենք պատրաստ ենք միջանցք տրամադրելու շտապօգնութեան մեքենայի եւ բժշկական օգնութեան համար»,-ըսած էր Էֆենտիեւան։

Երեւանի մէջ հոկտեմբեր 21-22-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հասարակական կազմակերպութիւններու, փորձագիտական համայնքներու ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ եւ երկու երկիրներու պաշտօնական կառոյցներու աջակցութեամբ տեղի ունեցած է երկկողմ կլոր սեղան-քննարկում։

Անոնց երէկ ընդունած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

2022-ի դեկտեմբեր 12-ին Արցախի դէմ սկսած Ատրպէյճանի շրջափակումը յանգեցուց մարդասիրական աղէտի, իսկ 2023-ի սեպտեմբեր 19-20-ի ատրպէյճանական յարձակումէն ետք Արցախի ամբողջ հայ բնակչութիւնը վտարուեցաւ իրենց պապերու հայրենիքէն։