image

Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին շնորհահանդէսը՝ Երեւանի շէջ

Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» գիրքին շնորհահանդէսը՝ Երեւանի շէջ

«Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ, Նոյեմբեր 7-ին, տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը։

Բացման եւ շնորհաւորանքի խօսքով ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ անդրադարձաւ ներկայ օրերու սփիւռքահայ գրականութեան դերին ու նշանակութեան, ինչպէս նաեւ հայ գրողի առաքելութեան՝ ճակատագրական պահերուն հայրենիքին ծառայելու եւ ազգային արժէքներու սերմանման գործին մէջ։

Օրուան բանախօսն էր գրող եւ գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան, որ ներկայացուց Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական լեզուն, խօսքի վարպետութիւնն ու բանաստեղծական մշակոյթը՝ զայն գնահատելով ինքնատիպ, համարձակ եւ ժամանակի հետ համընթաց։

Շնորհահանդէսը շարունակուեցաւ գրողին հետ զրոյցով, զոր վարեց «Թորոնթոհայ» ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը։ Զրոյցի ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան բացայայտելու բանաստեղծին խորունկ աշխարհը, անոր ընկալումները բառի ու բանի շուրջ, հոգեհարազատ թեմաներն ու գրական ազդակները, ինչպէս նաեւ իր մտորումները՝ Սփիւռքի եւ Հայրենիքին մէջ ստեղծուող ժամանակակից գրականութեան խնդիրներուն մասին։

«Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով խօսք առաւ անդամ Արտաշէս Շահպազեան, նշելով, թէ․- «Բանաստեղծութիւնը հոգիի կենսագրութիւնն է։ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան աշխարհի թոհուբոհին մէջ կողք քաշուած, տարակուսանքով աշխարհին անցուդարձին ու վայրիվերումներուն նայող մարդն է։ Անոր բանաստեղծութիւնները խօսուն ու պատկերաւոր պատմութիւններ են՝ իրենց մէջ պարունակելով նորավիպային արձակի շատ տարրեր։ Այս՝ բանաստեղծական կարեւոր հմտութիւն մըն է»։

Այս ժողովածուին մէջ տեղ գրաւած են հեղինակին տարբեր տարիներու բանաստեղծութիւնները։ Հոգիի խռովք, լռութիւն, կեանքի եւ սիրոյ փիլիսոփայական ընկալումներ, պատերազմ եւ ապրելու տենչ․․․ այս բոլորն ալ կը վերածուին բառի ու տողի՝ ընթերցողը ծանօթացնելով ժամանակակից գրականութեան մէջ նոր անունի մը։

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր առաջին գիրքով վստահ եւ ինքնուրոյն քայլով կը մտնէ բանաստեղծական աշխարհ, եւ գիրքը, որ իր անդրանիկ գործն է։

Շնորհահանդէսին ներկայ էին «Համազգային»-ի եւ Հ․Յ․Դ․-ի մեծ ընտանիքի անդամներ, գրականագէտներ, գրողներ ու գրքասէրներ։ Ներկայ էին նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեան։

Սրտի խօսք արտայայտեցին Լիլիթ Գալստեան, Համահայկական Գրողներու Միութեան նախագահ Աբգար Ափինեան եւ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանի ճեմարանական ընկերները։

Վերջաւորութեան հեղինակը իր «Սահմանելի» խորագրով գիրքը՝ սեփական մակագրութեամբ, նուիրեց ներկաներուն՝ խոստանալով շարունակութիւն եւ նոր գրական հանդիպումներ։