Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերը մօտեցուցած եւ քննարկած են դիրքորոշումը սահմանային եւ այլ հսկողութեան շուրջ: Այս մասին կ'ըսուի Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետեր Ալեքսէյ Օվերչուքի, Շահին Մուսթաֆաեւի եւ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ կայացուած եռակողմ աշխատանքային խումբի 10-րդ նիստի արդիւնքներով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
«Կողմերը քննարկած եւ մօտեցուցած են իրենց դիրքորոշումները սահմանային, մաքսային եւ այլ տեսակի հսկողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքներով, ճանապարհներով եւ երկաթուղիներով քաղաքացիներու, ճանապարհային միջոցներու եւ բեռներու անվտանգ փոխադրման վերաբերեալ», կ'ըսուի Ռուսիոյ կառավարութեան կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Փոխվարչապետերը քննարկած են նաեւ մայրուղիի անցման հնարաւոր ուղիները, որ կ'ապահովէ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհային կապը: «Կողմերը կը շարունակեն աշխատիլ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարներուն միջեւ տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: