image

Եռաբլուրի միջադէպ. Տուժած համարուած է զոհուածներու 16 ծնող

Եռաբլուրի միջադէպ. Տուժած համարուած է զոհուածներու 16 ծնող

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի մէջ 21 սեպտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցին ընդառաջ զոհուած զինծառայողներու ծնողները բռնի ուժով բերման ենթարկելու վարոյթով 16 ծնող տուժող ճանչցուած է։ Այս մասին NEWS.am-ը տեղեկացած է ծնողներու ներկայացուցիչ, փաստաբան Վահան Յովհաննիսեանէն։

«Ծնողներն են հարցաքննւում, տուժող են ճանաչւում, դատաբժշկական փորձաքննութիւններ են նշանակւում։ Ակտիւ (աշխոյժ) քննչական փուլ է։ Մեղադրեալի կամ կասկածեալի կարգավիճակում անձ չկայ, քանի որ բոլոր ծնողները պէտք է հարցաքննուեն, յետոյ ոստիկանները հարցաքննուեն, նրանց միջեւ առերեսում տեղի ունենայ, ինչից յետոյ կը հասնեն իրաւական գնահատական տալու փուլին»,-ըսած է Վահան Յովհաննիսեան։

Յիշեցնենք, որ 21 սեպտեմբերին Փաշինեանի այցը «Եռաբլուր» նշանաւորուած էր հերթական միջադէպով։ Մինչ անոր գալը ոստիկանները կոշտ կերպով բերման ենթարկած էին զոհուած զինվորներու քանի մը տասնեակ ծնողները, որոնք չէին ուզեր, որ Փաշինեանն իր այցելութեամբ պղծէ իրենց որդիներու շիրիմները։