Հակառակ ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու արգելքին՝ Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ցոյցերը արդէն 3 օր է՝ չեն դադարիր: Բացի Անգարայէն եւ Իսթանպուլէն՝ բողոքի ցոյցեր կը կատարուին նաեւ այլ բնակավայրերու մէջ:
Տեղական լրատուամիջոցներու տուեալով՝ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ դուրս եկած են փողոցներ՝ պահանջելու ազատ արձակել փողերու լուացման եւ անօրինական եկամուտ ստանալու մեղադրանքով ձերբակալուած Իսթանպուլի ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն: Շարք մը քաղաքացիներ նաեւ կը պահանջեն Ռեճէպ Էրտողանի հրաժարականը:
Ցոյցերը շարունակուած են մինչեւ ուշ գիշեր, բախումներ եղած են, ոստիկանները արցունքաբեր կազ, մահակներ եւ ջրցան մեքենաներ կիրառած են, կան վիրաւորներ ինչպէս ցուցարարներու, այնպէս ալ իրաւապահներու շարքերէն: Թուրքիոյ ՆԳՆ տուեալով՝ բերման ենթարկուած է շուրջ 100 քաղաքացի:
Յայտնի է, որ երէկ տեղի ունեցած է Իսթանպուլի ձերբակալուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հարցաքննութիւնը, ան հերքած է իրեն ներկայացուող բոլոր մեղադրանքները։