Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի դասախօսներ, գիտնականներ, փրոֆեսորներ, տեղեկացուցած են, որ պիտի միանան 22 դեկտեմբեր 2020-ի գործադուլին, ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ու երկրի բարոյահոգեբանական մթնոլորտը հատած է գրեթէ բոլոր եզրագծերը եւ իրավիճակը երկրին մէջ կը մնայ ծայրայեղ վտանգաւոր եւ ճգնաժամային։
Համալսարանականները բոլորին կոչ կ'ընեն այս պայթունավտանգ պահուն իրավիճակը գնահատել սթափ եւ որեւէ կերպ անհամերաշխութեան ու պառակտման փորձեր չնախաձեռնել։ Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ դասադուլի մասնակիցներու շրջանակին մէջ կան նաեւ բուժաշխատողներ, ապա իրականացուած են գործընթացներ համապատասխան միջոցառումներ ձեռնարկելու եւ քաղաքացիներու կեանքը չվտանգելու նպատակով բուժումը պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար։
Յաւելենք նաեւ, որ 12 դեկտեմբերին բժշկական համալսարանի շարք մը աշխատակիցներ միացած էին շուրջ 300-է աւելի բուժաշխատողներու՝ ՀՀ-էն եւ Սփիւռքէն, կոչին ստեղծուած վիճակի համար պատասխանատու անձանց հրաժարականներու եւ կառավարութեան ինքնակամ եւ անցնցում հեռացման պահաջին: