image

ԵՄ-ն չի կրնար փոխհատուցել Հայաստանի տնտեսութեան համար անխուսափելի կորուստները ԵԱՏՄ-էՆ դուրս գալու պարագային. Ռուսիոյ ԱԳՆ

ԵՄ-ն չի կրնար փոխհատուցել Հայաստանի տնտեսութեան համար անխուսափելի կորուստները ԵԱՏՄ-էՆ դուրս գալու պարագային. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Եւրոմիութիւնը չի կրնար փոխհատուցել Հայաստանի տնտեսութեան կրած անխուսափելի կորուստները Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) հանրապետութեան դուրս գալու պարագային, ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու առաջին բաժանմունքի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեանը:

«Եւրոմիութիւնը չի կրնար փոխհատուցել Հայաստանի տնտեսութեան համար անխուսափելի կորուստները»,- ըսած է Աղասանդեանը։

Ան աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը հայ գործընկերներու հետ շփումներու ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան միաժամանակեայ անդամակցութեան անհնարինութիւնը կը բացատրէ չափանիշերու անհամատեղելիութեամբ, մինչդեռ Երեւանը կը հասկնայ ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մասնակցութեան առաւելութիւնները, ե՛ւ դուրս գալու հետեւանքները։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը յայտարարած էր, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու պարագային Հայաստանը կրնայ բախուիլ տնտեսական վիճակի կտրուկ վատթարացման։ Ռուսիոյ պաշտօնեաներն ընդգծած են, որ ԵԱՏՄ-ին մասնակցութիւնը Երեւանին զգալի առեւտրային եւ ֆինանսական օգուտներ կը բերէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները դեռ չեն յայտարարած կազմակերպութենէն դուրս գալու յստակ քայլերու մասին։