image

Էհուտ Պարաք «3 Անգամ Խափանեցինք Նաթանիահույի Կողմէ Ծրագրուած Իրանի Դէմ Գրոհի Ծրագիրները»

Էհուտ  Պարաք   «3  Անգամ Խափանեցինք   Նաթանիահույի  Կողմէ Ծրագրուած Իրանի  Դէմ Գրոհի  Ծրագիրները»

Իսրայէլ- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)   Իսրայէլի  նախկին պաշտպանութեան նախարար  Էհուտ Պարաք  կարեւոր  բացայայտումներ կատարած է  կապուած Իրանի դէմ     զինուորական    գրոհներու:  Պարաք, որուն հետ կատարուած հարցազրոյցը   ցուցադրուած է Իսրայէլի  երկրորդ կայանէն նաեւ ըսած է, որ  2010 -էն մինչեւ   2012 ինկող ժամանակահատուածը  ինք եւ իսրայէլեան սպայակոյտի այդ օրերու պետ Ղազի Աշքինազի մեծ ճիգեր գործի դրած  են արգելք հանդիսանալու վարչապետ Նաթանիահույի կողմէ պատրաստուած Իրանեան կորիզային   կայաններու դէմ  իրագործուելիք   յարձակումներու իրականացման  : Պարաք նաեւ ըած է, որ   Աշքինազին կառավարութեան առջեւ  ելոյթ ունենալով քանիցս   ըսած է, որ երկրի բանակը պատրաստ չէ նման  արկածախնդրութեան: Մինչեւ այս պահը  Իսրաէլի վարչապետ  Բէնիամին Նաթանիահու չէ արձագանքած  սոյն  յայտարարութիւններուն: