Եգիպտոսը, Քաթարը եւ Թուրքիան պաղեստինեան «Համաս» արմատական շարժման յորդորած են ընդունիլ Կազայի հատուածին մէջ կարգաւորման ամերիկեան ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է Axios լրատուական հարթակը։
Վկայակոչելով բանակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրները՝ լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջադրած՝ Կազայի շուրջ հաշտութեան առաջարկներու մանրամասնութիւնները Տոհայի մէջ «Համաս»-ի առաջնորդներուն ներկայացուցած են Քաթարի վարչապետ- արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման ալ-Թանին եւ Եգիպտոսի Ընդհանուր հետախուզութեան վարչութեան պետ Հասան Ռաշատը։ Անոնք «Համաս»-ին կոչ ըրած են համաձայնելու Միացեալ Նահանգներու ծրագրին։
Հրապարակման մէջ նշուած է, որ «Համաս»-ի ղեկավարութիւնը խոստացած է «բարեխղճօրէն ուսումնասիրել Միացեալ Նահանգներու առաջարկութիւնները»։
Ըստ լրատուամիջոցի՝ ամերիկացիներն ու իսրայէլցիները կ՚ակնկալեն, որ «Համաս»-ը ընդհանուր առմամբ հաւանութիւն պիտի տայ ծրագրին, թէեւ որոշ վերապահութիւններով։ Յօդուածին մէջ կը յիշուի, որ Քաթարի վարչապետը «Համաս»-ի առաջնորդներուն ըսած է՝ չի կրնար անոնց համար աւելի բարենպաստ պայմաններ ապահովել։