image

«Եղածը զառանցանք է». Ռուս գործիչը կը հերքէ այն խօսքերը, որ Մոսկուա յեղաշրջում կը պատրաստէ Երեւանի մէջ

«Եղածը զառանցանք է». Ռուս գործիչը կը հերքէ այն խօսքերը, որ Մոսկուա յեղաշրջում կը պատրաստէ Երեւանի մէջ

Պնդումներն այն մասին, թէ Քրեմլին Հայաստանի մէջ պետական յեղաշրջում կը նախապատրաստէ, զառանցանք է, որ մեկնաբանութեան կարիք չունի։

News.ru-ի հետ զրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային խորհուրդի միջազգային կոմիտէի ղեկավար Կրիկորի Քարասին:

Անոր խօսքով՝ նման յայտարարութիւններ ընելէ եւ նման մեղադրանքներ հնչեցնելէ առաջ պէտք է իրական փաստեր ներկայացնել, որոնք կը հաստատեն տեղեկութիւնը:

«Ոչ խելացի քաղաքական գործիչներ ինչ որ երեւակայական նախագիծեր կը յօրինեն ու անոր մասին աշխարհով մէկ կը գոռան։ Նման յայտարարութիւնները կը տարածուին Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամանք հրահրելու համար։ Այդ պէտք է անոնց, որոնք կը փորձեն լարել իրավիճակը եւ հասնիլ իրենց նպատակներուն»,-ըսած է Քարասին։

Նշենք, որ ընկերային հարթակներով լուրեր տարածուած էին, թէ Հայաստանի մէջ «Վակնէր» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութենէն 3 հազար մարտիկ կը գտնուի, որոնք իբր թէ տեղւոյն ուժերու աջակցութեամբ պէտք է յեղաշրջում իրականացնեն եւ հեռացնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։