image

«Եղածը ՆԱԹՕ-ի հառաչանքին հետեւանքն էր». Հռոմի Պապը Ուքրանիոյ պատերազմին մասին

«Եղածը ՆԱԹՕ-ի  հառաչանքին հետեւանքն էր». Հռոմի Պապը Ուքրանիոյ պատերազմին մասին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը խոստովանած է, որ ՆԱԹՕ-ն բացասական դեր կը խաղայ ուքրանական ճգնաժամի սրման գործին մէջ:

«(Հաւանաբար) Ռուսաստանի դռներուն մօտ ՆԱԹՕ-ի հառաչանքը յանգեցուցած է Քրեմլի արձագանգին: Զայրոյթը, չեմ գիտեր, հրահրած է, թէ ոչ, բայց հաւանաբար նպաստած է», ըսած է ան:

Բացի այդ, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը պատրաստակամութիւն յայտնած է մեկնելու Մոսկուայ` հանդիպելու Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` քննարկելու Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման հարցը:

«Այնուհետեւ պատերազմէն քսան օր յետոյ խնդրեցի քարտինալ Փարոլինին ուղերձ յղել Փութինին` տեղեկացնելով, որ պատրաստ եմ մեկնելու Մոսկուա», ըսած է քահանայապետը:

«Մենք դեռ պատասխան չենք ստացած եւ կը շարունակենք պնդել, թէեւ ես մտավախութիւն ունեմ, որ Փութինը չի կրնար եւ չի փափաքիր այս հանդիպումը կայացնել ներկայ պահուն», յաւելած է ան:

Պապը ըսած է, որ առայժմ Քիեւ պիտի չերթայ: «Ես ուղարկած եմ քարտինալներ Մայքըլ Չեռնին եւ Քոնրատ Քրայեւսքին, որոնք այնտեղ են չորրորդ անգամ ըլլալով: Բայց ես կը զգամ, որ պէտք չէ երթամ: Նախ պէտք է երթամ Մոսկուա, նախ պէտք է հանդիպիմ Փութինի հետ», ըսած  քահանայապետը: