Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին նոյեմբեր 2-ին, 3-ի գիշերը, 5-6-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Նոյեմբեր 3-ի ցերեկը, 4-ին հանրապետութեան առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային գօտիներու մէջ ձիւնի տեսքով։
Քամին հարաւարեւմտեան՝ 2-5 մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը նոյեմբեր 3-4-ի ցերեկն աստիճանաբար պիտի նուազի 3-6, նոյեմբեր 4-6-ի գիշերը`եւս 3-5 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ եւս նոյեմբեր 2-ին, 5-6-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Նոյեմբեր 3-ի երեկոյեան ժամերուն, 4-ին հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ։
Մայրաքաղաքին մէջ նոյեմբեր 2–ի ցերեկը պիտի ըլլայ 16-18 աստիճան տաքութիւն, իսկ երեկոյեան ժամերուն պիտի գրանցուի +8...+10 աստիճան։