Լեռ իմ կեանքի, շո՜ւնչ աշխարհի, դուն ծանրախոհ մէկ ծերունի,
Դեռ կը խօսիս հոգւոյս մօտիկ, թրթռուն ձայնով մէջն եթերի,
Ես կը լսեմ կիրճերուդ մէջ դեռ կոտտացող ո՜ղբը աչքիդ...
Ու միշտ կ'ապրիմ աղօթքիս մէջ, հայու կարօտ տենչը սրտիդ։
Դուն սո՜ւրբ ես լեռ, ծառայ կեանքի, տիրոջ անմար բոցը սրտի,
Թէեւ որբ ես, ծարաւ, գերի, բայց դեռ անխախտ իտէա՛լն հայի,
Մեղեդիով քու սքանչելի մայր պատուաբեր՝ լացող կանչի,
Իսկ հօր կարօտ շուար մանչին՝ հրաշագեղ ամպ հովանի...
Ու կը գրեմ անկանգ խանդով, սերունդներուն մեր պատանի,
Որ արծարծեմ առաքինի սէրըդ անհուն ու պաշտելի,
Ես չեմ դադրիր, պիտի կերտեմ լուսե՛ղ մտքեր անպարտելի,
«ԱՐԱՐԱՏ»նե՛ր պիտի գրեմ, սուրբ տառերով, լեռ՝ իմ կեանքի։
ԿԱՅԼԱԿ
«Սէր ու կրակ» գիրքէն
(Մարտ 10, 2012)