Հարիւր երեք տարիներ, մօտ մէկ դար առաջ ծնունդ առաւ կազմակերպուած Կուսակցութիւն մը, որու ակունքները կ՚ երթան պատմական Վան, թուրքի եաթաղանէն ճողոպրած, տարբեր երկիրներու վրայ սփռուած ազգի մը բեկորներու աներեւակայելի կարիքները գոհացնելու ճիգերով ՝ Պոլսոյ մէջ 1921-ին կեանքի կոչուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը տեսնելով այդ մռայլ ճակատագրին ենթարկուած իր ժողովուրդը, գլուխը անցաւ այն գործին, որուն միջոցաւ պիտի իրականանային այն ծրագիրները, որոնք անմիջական եւ հետագայի կարիքները պիտի հոգային սփիւռքի մէջ ստեղծուած գաղթօճախներուն։
Այս գաղթօճախները, որպէս ժամանակաւոր ապաստաններ, պիտի ծառայէին, մինչեւ «միւս տարի Վանի մէջ» կարգախօս ընդունելով եւ վերամիաւորումը հայ գաղթականներուն։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ի գործ դրաւ բարեսիրական եւ մարդասիրական աշխատանքները եւ Հայ որբերուն տէր կանգնելու կենսական գործընթացը, մօտիկէն գործակցելով գաղութներու մէջ գտնուող ազգային երեւելի դէմքերուն հետ եւ յատկապէս՝ Հայկական Բարգործական Ընդհամուր Միութեան հետ։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործակցութեան նպատակը պիտի ըլլար Հայորդիներուն ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովել, անոնց սնունդ եւ ապաստան հայթայթել եւ ապա՝ կրթական օճախներ հաստատել համապատասխան սերունդին։ Նորաստեղծ եւ խեղճ պայմաններու մէջ ստեղծուած այդ վարժարաններուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար Հայ մշակոյթ եւ ազգային ոգի սերմանել նորաստեղծ սփիւռքահայի զաւակներուն։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Կովկասի մէջ իր գաղափարակից Ժողովրդական Կուսակցութեան շնորհիւ հիմնադիրներէն եղաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ լծուեցաւ անոր պետականաշինութեան գործին, գործօն մասնակցութիւն ունենալով Հանրապետութեան Ա. խորհրդարանին մէջ, որոնց շարքին էին պետական նախարար Միքայէլ Բաբաջանեան, տնտեսագէտ Արտաշէս Էնֆիէջեան, պատմաբան Լէո եւ այլ ազդեցիկ եւ ականաւոր դէմքեր։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առաջնորդի դերը կատարեց պատմական ներգաղթ կազմակերպելու, գործակցելով Սովետական Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, որոնք կը գործէին Սովետական կարգերու պայմաններով եւ միեւնոյն ժամանակ Սովետական Հայաստանի դրօշին ներքոյ։ Տարբեր երկիրներէ կազմակերպուած եւ իրականացած ներգաղթին մեծ ծարաւը ունէին մեր Հայրենի հողը եւ հոն ապրող Հայ ժողովուրդը։ Ազգային մտահոգութիւնները իբրեւ գլխաւոր մեկնակէտ ունեցող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ողջմիտ ղեկավարութիւնը, քաջ գիտակցելով որ պատմական Հայաստանի հազիւ մէկ տասաներորդը մնացած Արեւելեան Հայաստանի գոյութիւնը ծանր հարցականի տակ էր, եւ Հայ ժողովուրդը, ընդհանրապէս, առանց հայրենիքի մնալու եզրին էր, աներեւակայելի դժուարութիւններով կազմակերպեց եւ յաջողցուց ներգաղթի վիթխարի ծրագիրը։ Այստեղ պէտք է յստակօրէն արձանագրենք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Սովետական Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը երբեք քաղաքական նպատակներ չէ հետապնդած, այլ այդ կը բխէր միայն ու միայն այն իմաստուն եւ իրատեսական համոզմունքէն որ կարեւորը մեր հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնն էր, որ վեր է ամէն տեսակ կուսակցական կամ գաղափարախօսական նկատառումներէ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, սփիւռքի մէջ իր ունեցած ներուժով, լծուեցաւ Հայ մշակոյթը պաշտպանող եւ քաջալերող սերունդներ պատրաստելու ծրագրաւորումով եւ, ըստ այդմ ալ, 1947-ին հիմնեց Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հարազատ եւ անշեղ մնալով կեանքի կոչելու իր նպատակները, ունենալով միայն ազգային գերագոյն շահեր, ի մի բերելով եւ գործնականացնելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցները, իրականացուց Հայ կրթական մշակներու ամբողջ սերունդներ, որոնցմէ շատ պիտի օգտուէր սփիւռքահայի վերածուած հայութիւնը, որ լինել եւ չլինելու իրականութեան պայքարին մէջ էր։ ՌԱԿ-ը իր բարձրորակ եւ հմուտ խմբագիրներու հոյլով հրատարակեց Զարթօնքը, Սարդարապատը, Նոր Օրը, Պայքարը, Արեւը, Ապագան, Նոր Աշխարհը, Միութիւնը եւ այլ պարբերականներ որոնք Սփիւռքի հայ ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանման անգնահատելի դերակատարութիւն ունեցան։
Մեծ Երազի մէկ հատուածը իրականացնելու պահը հասած էր, երբ 1991-ին համաշխարհային իրադարձութիւնները Հայ ժողովուրդին վիճակեցին Հայաստանի անկախութիւնը։ Նորանկախ Հայաստանը արդէն կը վայելէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գուրգուրանքը, զօրակցութիւնը եւ գործակցութիւնը, առանց նկատի առնելու թէ ինչ դրօշ կը ծածանէր անոր հողին վրայ, այնքան ժամանակ որ Հայկականութիւն կը բովանդակէր այդ դրօշը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը կը հանդիսանար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, գերեվար նպատակ ունենալով Սուրբ Էջմիածնի անառարկելի գերագահութիւնը եւ, միաժամանակ, համերաշխ հոգեւոր առաջնորդութեան առաքելութեան պարտականութիւնը գլխաւորելու, հրաւիրելով Սուրբ Էջմիածինը եւ անոր ներքոյ լուծելու միջ-եկեղեցական տարակարծութիւնները։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր կոչումին եւ հիմնադրութեան նպատակներուն հաւատարիմ մնալով, անվարան լծուեցաւ 1991-ին վերանկախացած Հայրենիքի բոլոր կառոյցներուն զօրավիգ կանգնելու, անոր իշխանութեան եւ հասարակութեան ազատական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներ խրախուսելու եւ քարոզելու աշխատանքին։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առաջինը եղաւ նոր անկախացած Հայրենի հողին վրայ ազատ խօսքը արտայայտող մամուլի ստեղծումով, կեանքի կոչելով հրատարակութիւնը «Ազգ» օրաթերթին, որ դարձաւ հայրենի մեր երկրի ազգային եւ պետական գաղափարախօսութեան կողմնացոյցը։ «Ազգ» օրաթերթը հանդիսացաւ առաջնորդող կանթեղը խօսքի ազատութեան եւ հաստատուն գործօնը՝ անկաշկանդ ու անկաղապարուած միտք արտայայտելու հարթակը։ Նաեւ վերանկախացած Հայաստանի Ա. խորհրդարանին մէջ ՌԱԿ-ը ունեցաւ իր 20 անդամներէ բաղկացած խորհրդարանական խմբակցութիւնը։
2014-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր համեստ կառոյցը հիմնեց անկախ Արցախի մէջ։
Դժբախտաբար վերջին մի քանի տասնամեակներուն ՌԱԿ-ին բաժին հասաւ ներքին տարակարծութիւններ, որոնք բացառապէս անհատական եւ խմբակային օրակարգեր ու շահեր հետապնդող օրինազանց եւ կանոնագրային կոպիտ խախտումներով խմբակներ էին՝ որոնց կուսակցակործան գործունէութեան հետեւանքով ՌԱԿ-ը կորսնցուց իր երբեմնի աշխուժ կազմակերպական ներուժը եւ յարգանք պարտադրող իր ներկայութիւնը։ Կը հաւատանք որ Կուսակցութիւնը պիտի յաղթահարէ արհեստածին բայց եւ լուծելի այս անախորժ գոյավիճակը, շնորհիւ մեր նախանձախնդիր եւ գաղափարապաշտ անդամակցութեան, նաեւ անկոտրում վճռակամութեան։
Ու՞ր է այսօր ՌԱԿ-ը եւ ո՞րն է անոր ապագայի տեսլականը։
Այսօր աշխարհաքաղաքական բարդ եւ անկախատեսելի իրավիճակները մեզ կը պարտադրեն վերատեսութեան ենթարկել երբեմնի խարիսխ նետած եւ լճացած կարծրատիպերը։ Սփիւռքը փոխած է իր աւանդական գոյավիճակը ՝ կարծէք նոր մարտահրաւէրներու հետ առերեսուելու եւ ըստ այնմ նոր ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան մը ծրագրումի անհրաժեշտութիւնը կայ։ Իսկ Հայաստանը, որ մեր ապագայ յաղթանակներու կռուանն է, այսօր կանգնած է գոյութենական սպառնալիքի եւ աշխարհաքաղաքական- քաղաքակրթական լուրջ վերափոխումներու սեմին։ ՌԱԿ-ը, եթէ կը ցանկանայ մնալ մեր ժողովուրդին մէջ որպէս լուրջ քաղաքական միաւոր, պարտաւոր է նոր մօտեցում, ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ նոր հայեցակարգ որդեգրել հաշուի առնելով միջազգային զարգացումները եւ համահունչ գործել 21-րդ դարի, նոր Սփիւռքի եւ Հայաստանի նորագոյն պահանջներուն համաձայն։
Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատենք մի քանի նկատառումներ ՝ այսօրուայ աշխարհաքաղաքական եւ Հայաստանի թէ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներուն վերաբերող Կուսակցութեան յետագայ նկատի առնելիք եւ ուշադրութեան արժանի կեցուածքներուն եւ տեսակէտներուն, նկատի առնելով աշխարհաքաղաքական, աշխարհատնտեսական եւ տարածքաշրջանային բարդ եւ անկանխատեսելի իրավիճակը։
Ա) Հայ-Ատրպէյճանական յարաբերութիւններ։
ՌԱԿ-ը պէտք է մերժէ որեւէ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ, ի գին տարածքային զիջումներու։ Խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է կնքուի միջազգային երաշխիքներու եւ ռազմա-քաղաքական հաւասարակշռութեան պայմաններով։ Արցախի մեր ժողովուրդի վերաբնակեցում իրենց պապենական բնօրրանին մէջ ՄԻԱՅՆ ՄԱԿ-ի կամ միջազգային խաղաղապահ ոյժերու երաշխաւորութեան ներքոյ։
Բ) Հայ-Թուրքական յարաբերութիւններ։
ՌԱԿ-ը դէմ չէ է հայ-թուրքական միջ-պետական յարաբերութիւններու կարգաւորման ՝ առանց նախապայմաններու եւ առանց զիջելու մեր պատմական եւ իրաւա-քաղաքական իրաւունքներէն։ Սակայն այս աշխարհաքաղաքական եւ տարածքաշրջանային բարդ իրավիճակներուն մէջ, առաջնահերթութիւն պէտք է դասուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան ապահովումը, ինքնիշխանութիւնը, յուսալի ռազմավարական դաշնակիցներու ընտրութիւնը։
Գ) Հայաստանի ժողովրդավարական եւ ինքնիշխանութեան ուղղին այլըտրանք չունի։ Հայաստանը պէտք է ընտրէ 21-րդ դարի համահունչ ՝գիտական, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, տնտեսական զարգացման, հայոց բանակի արդիականացման եւ մարտունակութեան ուղղին։ ՌԱԿ-ի համար Հայաստանի Եւրոպական ուղղին ամենանպատակայինն է երկիրը տնտեսապէս, քաղաքականապէս եւ ռազմականօրէն ամրակայելու եւ զարգացնելու։
Դ) ՌԱԿ-ը պէտք է հետապնդէ որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները դրուին աւելի համապարփակ եւ գործնական հիմքերու վրայ ծրագրաւորուած ռազմավարութեամբ, ներառելով Սփիւռքի գիտական, արհեստագիտական, տնտեսական, իրաւաբանական եւ քաղաքական բնագաւառները ՝ նոր որակ եւ բովանդակութիւն տալով այդ յարաբերութիւններուն։
Դժբախտաբար, վերոնշեալ քաղաքական սկզբունքներուն եւ նպատակներուն համար ՝ «գործով» եւ «ի բանիւ» Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն այսօր գոյութիւն չունի, երբեմնի իր ազգային-քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական գործունէութիւնը անշեղօրէն եւ լիարժէքօրէն կատարած Կուսակցութիւնը կարիքը ունի վերափոխման, արդիականացման, նոր ղեկավարութեան,աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ այս իրավիճակներուն համահունչ ծրագրելու եւ գործելու ունակ ռազմավարական ընտրանիի։ Տխուր եւ ցաւալի է այսօր տեսնել Թէքէեաններու, Չօպանեաններու, Տամատեաններու, Թէրլէմէզեաններու, Եկարեաններու, Նաթանեաններու, Հրաչ Երուանդներու, Անդրէասեաններու, Ահարոնեաններու Կուսակցութիւնը այսպիսի ոչ նախանձելի, անփառունակ, անհեռանկար, անյոյս......
Հաւատացած եմ, որ ՌԱԿ-ը պիտի վերագտնէ իր երբեմնի աշխոյժ կազմակերպական կարողութիւնը, յարգանք պարտադրող գոյավիճակը, իր քաղաքական եւ ազգային սկզբունքներուն անշահախնդիր ծառայելու վճռակամութիւնը, ի փառս մեր ազգի եւ պետականութեան ամրապնդման, բարգաւաճման եւ գոյատեւման։
Գէորգ Հալէպլեան