image

Ձմեռը ծանր պիտի ըլլայ. ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

Ձմեռը ծանր պիտի ըլլայ. ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

Ձմեռը ծանր պիտի ըլլայ, Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ հետ պատերազմը  կ'ընթանայ մէկը միւսին հիւծելու նպատակով:

UNIAN-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի (ՆԱԹՕ) գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ Ղրիմի հարթակի երկրորդ գագաթնաժողովին, որ կայացած է առցանց։

«Ձմեռը կու գայ: Ձմեռը ծանր պիտի ըլլայ: Եւ հիմա մենք կը տեսնենք, որ պատերազմը մէկը միւսին հիւծելու նպատակով կ'ընթանայ: Սա կամքի պայքար է, պայքար նիւթատեխնիկական ոլորտի մէջ, ուստի մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ Ուքրանիոյ, որպէսզի Ուքրանիան կարողանայ յաղթել որպէս ինքնիշխան, անկախ պետութիւն», - շեշտած է ան։

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ հզօր, կայուն, անկախ Ուքրանիան «եւրոաթլանթեան անվտանգութեան երաշխիքն է»։ Սթոլթընպըրկ ընդգծած է, որ ՆԱԹՕ-ն աջակցած է Ուքրանիոյ անկախութեան 30 տարիներու ընթացքին, եւ «այժմ մենք Ուքրանիոյ հետ ենք եւ միասին պիտի շարունակենք ըլլալ Ուքրանիոյ հետ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ ըլլայ»։

Օգոստոսի սկիզբը Ենս Սթոլթընպըրկ ըսած էր, որ պէտք չէ թոյլ տալ Ռուսիոյ յաղթել Ուքրանիոյ հետ պատերազմին։