Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Արմաւիրի մարզ այցելութեան ժամանակ չնախատեսուած կանգառ ունեցած է Երասխահուն համայնքը: Այս մասին դիմատետրեան իր էջով տեղեկացուցած է Փաշինեան եւ աւելցուցած, որ նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակին:
Նիկոլ Փաշինեան գիւղացիներէն հետաքրքրուած է, թէ ինչ խնդիրներ ունին, եւ ի պատասխան ըսած են, որ ջուրի խնդիր ունին, նաեւ գիւղը դպրոց եւ մանկապարտէզ չկան։ Փաշինեան վստահեցուցած է, թէ առաջիկային այդ գիւղը դպրոց եւ մանկապարտէզ կը կառուցուի։
«Մենք ձեզ հաւատում ենք, դուք մեզ դժոխքից փրկել էք»,– դիմելով Փաշինեանին՝ ըսած է գիւղացի տղամարդ մը։
Գիւղացիները բարձրաձայնած են նաեւ հոսանքի խնդիրը, եւ վարչապետը վստահեցուցած է, որ հերթով բոլոր խնդիրները կը լուծուին։