Դուն 1 յունիսին արդէն բանտը պիտի ըլլաս, պիտի նախապատրաստուիս պատասխան տալու քու բոլոր մեղքերուդ համար։ Կառավարութեան շէնքի դիմաց հաւաքի ժամանակ յայտարարած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած Հայկ Մելիքեանի մայրը՝ Նայիրա Մելիքեանը՝ դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին։
Մելիքեանը մէջբերած է Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ «չի վիրաւորուիր դաւաճան բառէն», նաեւ «ուրախ կ'ըլլայ, եթէ 1 յունիսին՝ իր ծննդեան օրը ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը»։
«Յիշում էք, մենք եռատօնը ինչ փառքով ու պատուով էինք նշում, բայց հիմա այն ասոցացւում է պարտութեան հետ»,-ըսած է Նայիրա Մելիքեանը։