image

Դիւանագիտական կազմին մէջ նոր նշանակումներ

Դիւանագիտական կազմին մէջ  նոր նշանակումներ

ՀՀ նախագահի հրամանագրով՝ Վլատիմիր Կարապետեանը համատեղութեան կարգով նշանակուած է Մոլտովայի մէջ Հայաստանի դեսպան։

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ 14-րդ յօդուածի.Ուքրանիայում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանին, համատեղութեան կարգով, նշանակել Մոլտովայի Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Քիեւ)»,- նշուած է հրամանագրին մէջ։

Կարապետեանը դեսպան է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ։ Նախապէս եղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի քարտուղարը։

Աշոտ Սմբատեանը համատեղութեան կարգով նշանակուած է Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Թիֆլիս)։

Հայաստանը Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցուցած էր 2012 թուականէն, երբ Ատրպէյճանին արտայանձնած էր 2004-ին Պուտապեշտի մէջ հայ լեյտենանտ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութեան համար դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը։