Ամերիկեան Meta ընկերութիւնը հեռացուցած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ, այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի օգտահաշիւները Facebook եւ Instagram ընկերային ցանցերէն, գրած է CNN հեռուստաալիքը։
«Մենք հեռացուցած ենք այդ օգտահաշիւները վտանգաւոր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու վերաբերեալ մեր քաղաքականութեան բազմակի խախտումներու համար», -յայտնած են հեռուստաալիքին ընկերութեան մամուլի ծառայութենէն:
Ընկերութիւնը պարզաբանած է, որ նշուած քաղաքականութիւնը թոյլ չի տար կազմակերպութիւններուն եւ մարդոց, որոնք բռնութիւն կը քարոզեն կամ կը մասնակցին ատոր, օգտահաշիւներ ունենալ Meta-ի ընկերային ցանցերուն մէջ։ Սա կը վերաբերի նաեւ անոնց, որոնք կը ներկայացնեն, կ՚աջակցին կամ կ՚արդարացնեն Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած կազմակերպութիւններուն:
Մամուլի ծառայութենէն պարզաբանած են նաեւ, որ օգտահաշիւները ջնջուած են, ուստի ատոնք հնարաւոր չէ ապաարգելափակել։