Վերջին օրերուն «Դիմադրութեան» ղեկավար կազմը յաճախակի քննարկումներ եւ ժողովներ ունեցած է, ռազմավարական հարցեր քննարկելով: Չնայած ոգեւորութեան բարձր տրամադրութեան, մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի գործողութիւններու վտանգային հանգամանքներուն, ժողովուրդը որեւէ պարագայի «արկածախնդրութեան» չտանելու մասով:
Վերջին օրերուն կայացած հաւաքի մասնակիցները հաւանութեան արժանացուցած են Իշխան Սաղաթէլեանի նորացուած գործողութիւններուն ծրագիրը, որ պիտի մեկնարկէ Յունիս 3-էն յետոյ, սակայն մանրամասնութիւնները գաղտնի կը պահուին: