image

Դեռ պարզ չէ՝ Ատրպէյճանը կը վերահաստատէ՞ երեք սկզբունքներու շուրջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ, թէ ոչ․ Փաշինեան

Դեռ պարզ չէ՝ Ատրպէյճանը կը վերահաստատէ՞ երեք սկզբունքներու շուրջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ, թէ ոչ․ Փաշինեան

Դեռ պարզ չէ՝ Ատրպէյճանն, ի վերջոյ, կը վերահաստատէ՞ երեք սկզբունքներու շուրջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ: Այս մասին ուղիղ եթերով ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով քաղաքացիներու հարցերուն:

Վարչապետը յիշեցուցած է՝ այդ սկզբունքները համաձայնեցուած են բանակցութիւններու ընթացքին եւ այդ համաձայնեցումն արտայայտուած է մայիս 14-ին եւ յուլիս 15-ին եռակողմ հանդիպումներու արդիւնքներով։

Փաշինեանը նաեւ յիշեցուցած է սկզբունքները, համաձայն որոնց՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմանազատման գործընթացի քաղաքական հենքը Ալմաթիի հռչակագիրն է, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւները պէտք է բացուին երկիրներու իրաւազօրութեան, ինքնիշխանութեան յարգմամբ՝ փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ։

«Հիմա, չենք կարող վստահաբար պնդել, որ Ադրբեջանը հրաժարւում է այդ երեք սկզբունքների հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, բայց նաեւ չենք կարող վստահ ասել, որ Ադրբեջանը վերահաստատում է իր հաւատարմութիւնն այդ երեք սկզբունքներին, անհրաժեշտութիւն կայ բանակցութիւնների ընթացքում այս հարցերը եւ նրբութիւնները պարզաբանել»,-ըսած է Փաշինեան։

Գործադիրի ղեկավարը եւս յաստատեցուցած է, որ նոյեմբեր 30-ին քարտէզներու եւ սահմաններու մասով նախատեսուած է սահմանագծման յանձնաժողովների հանդիպում։