Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նուիրեալ հովիւներէն է Վերապտուելի Ռընէ Լեւոնեանը, որուն անուան ծանօթ են մեր ընթերցողներէն շատեր։
Վերապատուելին, որ երկար տարիներ քրիստոնէական ծառայութիւն մատուցած է հայրենի հողի վրայ ներկայիս կը գործէ Ֆրանսայի մէջ։ Ան իր հովուագործական առաքելութեան կողքին կարեւոր գործ կը տանի կրթական-հայագիտական ոլորտէն ներս, իսկ այս լուրին հրապարակումը կը կատարուի այն մասին, որ Վերապատուելին օրերս դարձեալ նուիրական առաքելութեամբ կը գտնուի Վրաստանի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Վերապատուելին դիմատետրեան էջէն, ուր ան մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Այժմ Վրաստան կը գտնուիմ երկշաբաթեայ հովուական առաքելութեամբ։Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ միութեան մաս կը կազմէ նաեւ Վրաստանի իր տարբեր համայնքներով։
Օրերս ալ ես կը գտնուիմ Ախալքալաք քաղաքին մէջ, ուր մասնակցեցայ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հերթական հաւաքին, համայնքի հովիւ Վալերի Զաքարեանի գլխավորութեամբ ։