image

Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմն իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ Պէյրութէն. ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւն

Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմն իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ Պէյրութէն. ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւն

Սուրիոյ մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմն իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ Պէյրութէն։ Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Անցած շաբաթ Դամասկոսում դեսպանութիւնում թէժ գծի յայտարարումից յետոյ դեսպանութիւնը պատասխանել է ստացուած զանգերին, որոնք վերաբերել են ՀՀ մուտքի արտօնագրերի, անձնագրերի ստացմանը, տարհանման հնարաւորութեանը։ Վերջինիս անվտանգ հնարաւորութիւնն այս պահին բացակայում է։

Յաջորդիւ, ՀՀ քաղաքացիների հետ կապը կը պահպանուի Պէյրութում ՀՀ դեսպանութիւնից` հետեւեալ թէժ գծի միջոցով +9617447205 (բջջային)»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: