image

Դամասկահայ գործիչ՝ Մեսրոպ Շիրանեանի վերջին հրաժեշտը այսօր

 Դամասկահայ գործիչ՝ Մեսրոպ Շիրանեանի վերջին հրաժեշտը այսօր

Անոր կանխահաս մահով կարեւոր էջ մը կը փակուի Դամասկոսի հայութեան համար, որ ապրեցաւ Սուրիական հայրենիքի ամենապայծառ ու բարւոք օրերը ու նաեւ պատւով ու նուիրուածութեան շունչով սատարեց հայ-արաբական դարաւոր բարեկամական կապերու ամրապնդման։

 ՀՅԴ-ի հարազատ զաւակ Մեսրոպ Շիրինեան հաւատացողն էր այդ գիծին ու միշտ ալ բարձր գնահատած արաբ եղբայրական ժողովուրդին հայութեան հանդէպ ունեցած  բարեկամական ու անկեղծ մօտեցումները։

 Հանգիստ իր աճիւններուն եւ յաւերժ փառք հայութեան համար ճիգ ու ջանք չխնայած բոլոր զինուորեալներուն։

Օրերս Երեւանի մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացած Մեսրոպ Շիրանեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեւանի Կոնտ շրջանի Սուր Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին։

Մեսրոպ Շիրինեանի անուան շատերն են ծանօթ։ Մինչեւ Հայաստան հաստատուիլը Շիրինեան անձնուիրաբար վարած է պատասխանատու պաշտօններ եւ եղած է յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։

 Արմատներով Խարբերդցի Շիրինեան սիրուած ու յարգուած  անձնաւորութիւն էր ոչ միայն Դամասկոսի այլ ամբողջ Սուրիոյ կտրուածքով, ան իր ունեցած բոլոր միջոցներով ծառայած է սուրիական հայրենիքին ու հայութիւնը   տարբեր առիթներով ալ իր նիւթական միջոցները     տրամադրելով համայնքի  կարիքներուն։  

Շնորհիւ իր շնորհաշատութեան եւ դիւանագէտ կերպարին, ուղղամտութեան եւ գաղափարական մարդու վարքին կարողացած էր բարձր մակարդակի կապեր ստեղծել Սուրիոյ պատկան մարմիններուն հետ ու նաեւ այդ մօտեցումներուն շնորհիւ կարողացած էր տարբեր առումներով պահպանել հայկական համայնքի եւ առհասարակ Դամասկոսի հայութեան շահերը։