image
Հրատապ լուրեր:

Crocus-ի մէջ տեղի ունեցածի հետքերը կը տանին դէպի Ուքրանիա. Շոյկու

Crocus-ի մէջ տեղի ունեցածի հետքերը կը տանին դէպի Ուքրանիա. Շոյկու

Այս տարուան մարտին մերձմոսկովեան Քրասնոկորսք քաղաքի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետքերը կը տանին դէպի Ուքրանիա։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) մասնակից երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը։

Նախարարն ընդգծած է, որ այս յանցագործութեան բոլոր մեղաւորները անպայման պիտի ստանան արժանի պատիժ:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 22-ի երեկոյեան մերձմոսկովեան Քրասնոկորսք քաղաքի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ ահաբեկչութիւն տեղի ունեցած է։ «Փիքնիք» խումբի ելոյթէն առաջ զինուած մարդիկ ներխուժած են դահլիճ եւ կրակ բացած հանդիսատեսի վրայ։ Անկէ ետք պայթումներ տեղի ունեցած են, հրդեհ բռնկած է, զոհուած է 144 մարդ:

Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է ահաբեկչութեան դէպքի առթիւ:Յաջորդ օրը անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են յարձակման համար կասկածուող չորս անձ, որոնք փորձած են փախիլ Ուքրանիա, իսկ աւելի ուշ՝ քանի մը հոգի, այդ շարքին՝ յարձակումը ֆինանսաւորելու կասկածանքով։