image

Չորս ամիս գերութեան մէջ մնալէ ետք Նարեկ Սարդարեանը վերադարձած է Հայաստան

Չորս ամիս գերութեան մէջ մնալէ ետք Նարեկ Սարդարեանը վերադարձած է Հայաստան

Սիւնիքի մարզի Ներքին Խնձորեսք համայնքի բնակիչ Նարեկ Սարդարեանը, որ այս տարուան յուլիսին անզգուշօրէն հատած էր Ատրպէյճանի սահմանը, այսօր վերադարձած է Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այդ մասին «Արեւելք»-ին յայտնեց Նարեկ Սարդարեանի եղբայրը՝ Սամուէլ Սարդարյանը:

Ան արդէն խօսած է եղբօր հետ, տեղեկացուցած ,որ Նախիջեւանի ճամբով վերադարձած է Հայաստան: 

Այժմ Նարեկը պարտադիր ընթացակարգեր կ'անցնի հիւանդանոցին եւ պետական կառոյցներուն մէջ, որմէ ետք հարազատները պիտի տեսնեն զինք:

Նարեկ Սարդարեանը 30 տարեկան է, ամուսնացած է, ունի 2 մանկահասակ երեխայ: