Բոլոր այն մարդիկ, որոնք ներգրաւուած են սննդամթերքի արտադրութեան ու մատակարարման գործին, Ոստիկանութիւնը, որ կ'ապահովէ հանրային անվտանգութիւն, հասարակական փոխադրութեան աշխատողները, անոնք, որոնք մաքուր կը պահեն մեր քաղաքները, կը հաւաքեն ու կը հեռացնեն մեր առօրեայ թափոնները:
Որպէս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն` կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել մեր աշխատակիցներուն, որոնք օրինակելի ծառայութեան, համագործակցութեան ու ստեղծարարութեան հոգի դրսեւորեցին` հարմարեցնելով մեր ծառայութիւններն այս մարտահրաւիրող ժամանակներուն:
Կ'առաջարկեմ մեր ընթերցողին` նշել անոնց, որոնց կը ցանկային երախտագիտութիւն յայտնել այս յարափոփոխ ժամանակներուն:
Յարութ Ներսէսսեան
ԱՀԱԸ Հայաստանի ներկայացուցիչ