image

Լոս Անճըլըս. Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի այցը՝ Ազգ. Առաջնորդարան

Լոս Անճըլըս. Վեր.  Դոկտ. Յարութիւն  Սելիմեանի այցը՝ Ազգ.  Առաջնորդարան

Հոգեւոր հանդիպումներու եւ հրապարակային ձեռնարկի մը համար Միացեալ Նահանգներ գտնուող Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովուապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան օրերս այցելած է Կիլիկեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, ընկերակցութեամբ Հիւս. Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի եւ Փասատինայի Հայ Աւետարանական ԿԻԼԻԿԻԱ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Յովսէփ Կարապետեանի:

Եղբայրական ջերմ ողջոյններէ ետք, ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, յատկապէս սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ սուրիահայութեան կեանքէն ներս ցցուած դժուարութիւնները հայ համայնքապետերու համատեղ ճիգերով յաղթահարելու ձեւերուն ու միջոցներուն մասին: Այս առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս այցելու Վերապատուելին ու ընկերակից հովիւները գնահատեց Հոգեւորի դաշտէն ներս իրենց գործունէութեան համար:

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ ազգին ու հայրենիքին ուղղուած միասնական բարի մաղթանքներով: Հուսկ, Հոգեւոր եղբայրները միմեանց գօտեպնդեցին լաւատեսութեամբ զինուելու եւ հաւատքի մէջ աւելի եւս ամրապնդուելու հայրական օրհնութիւններով: