image

Չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանցիներ եւ Թուրքեր ՀՀ Քաղաքացիութիւն ստանան

Չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանցիներ եւ Թուրքեր ՀՀ  Քաղաքացիութիւն ստանան

Օտարերկրեայ ներդրումները միշտ խրախուսուած են Հայաստանի մէջ, մասնաւոր անձանց կողմէ կատարուած ներդրումները նոյնքան խրախուսուած են, որքան մեծ ընկերութիւններու կողմէ եղածները։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով ՀՀ-ի մէջ 150․000 տոլարի ներդրման դիմաց պարզեցուած կարգով քաղաքացիութիւն ստանալու կառավարութեան առաջարկած նախագիծին, ըսած է տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը։

«Այս նախագծով մենք ուզում ենք օգտուել այն հնարաւորութիւններից, որոնք կան աշխարհում։ Սրանով կը լուծուի երկու հարց՝ միգրացիայի (գաղթի) հարցը, այսինքն որոշակի կատեգորիայի անձանց դարձնելով ՀՀ քաղաքացի, եւ ներդրումների միջոցով ՀՀ տնտեսութիւնը զարգացնելը։  Ի հարկէ, նախագծի մէջ որոշակի ճշգրտումներ կ'արուին եւ կոմպակտ տեսքի կը գայ»,- ըսած է Քերոբեան։

Հարցին՝ մտավախութիւն չկա՞յ, որ թուրքերը եւ ատրպէյճանցիները նոյնպէս ներդրումներ կը կատարեն եւ կը դառնան ՀՀ քաղաքացիներ, Քերոբեան ըսած է․

«Խօսքը չի գնում նրա մասին, թէ ով դիմի՝ կը ստանայ քաղաքացիութիւն, անհրաժեշտ ընթացակարգերը թէ՛ ոստիկանութեանն եւ թէ՛ ԱԱԾ –ի կողմից կատարուելու են, այդ հարցերը այդ մակարդակում կը չէզոքացուեն։ Չենք ունենայ մի այնպիսի իրավիճակ, երբ կ'ունենանք չափից շատ երկքաղաքացի թուրքեր»։

Ճշդող հարցին՝ կը բացառուի՞ թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն քաղաքացիութիւն տրամադրելը, Քերոբեան ըսած է․

«Չեմ կարող ասել՝ կը բացառուի։ Գիտէք, Թուրքիայում էլ ապրում են բաւականին շատ թուով հայեր, վստահ եմ, կը չէզոքացուեն կասկածելի դէպքերը»։